Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՕՐՀՆԵՑ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐԸ

Երկուշաբթի, 27 Յունիս 2022-ին, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ նորընծայ երեք միաբան հայրերուն։ Քառասուն օրեր առաջ, Դպրեվանքի աւարտական դասարանի երեք սարկաւագները, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցան ու օծուեցան եւ վերանուանուեցան Հայր Արմէն, Հայր Առաքել եւ Հայր Ազատ: Աւանդաբար, նորաօծ եկեղեցականը…

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆԴ ՄԻՒՌՈՆԸ

Ինքնութիւ՜ն…   Վեհ անուն, արժէք եւ մարդուն դիմաց դրուած գիտակից պարտականութիւն։   Ինքնութիւ՜ն…   Մարտահրաւէր, ճշմարտութիւն, յաւերժութեան հրամայական եւ երաշխիք։    Ինքնութիւ՜ն…   Հայուն վայել, Հայուն պատմութիւնը կերտող բառ եւ առաւել կեանք ապահովող հիմք։   Յուլիս մէկին, կրկին անգամ Անթիլիասի Մայրվանքին մէջ պատմութիւն պիտի կերտուի՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հակառակ Լիբանան երկրի մտահոգ կացութեան, Լոյսը՝ Սուրբ…