ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսին: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնապէս յանձնել Diálogos Fraternos հատորը: Յայտնենք, որ ամիսներ առաջ Արժանթինի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ յիշեալ հատորը պատրաստուած էր, ուր ներառուած էին զանազան կրօններու պատկանող կարեւոր դէմքերու յօդուածները: Նորին Ս. Օծութիւնը ընդառաջելով պատասխանատուներու խնդրանքին,…