ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին, 14 Օգոստոսին Եգիպտոսի Կիզա նահանգին Ապու Սէյֆէյն եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով զոհ գացած հաւատացեալներուն մահուան տխուր առիթով։   Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիրին մէջ ըսաւ. «Յուզմունքով կը հետեւինք աղէտի զարգացումներուն եւ այս տխուր պայմաններուն մէջ կը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՇԵՇՏՈՒՄ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի «Ուխտի Օր»ուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ 13 Օգոստոս 2022։   Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, ընդհանրապէս կ՚անդրադառնանք մեր ժողովուրդը յուզող այժմէական խնդիրներու ու երեւոյթներու։ Այսօրուան Մեր հայրական խօսքին վերնագիրն է.- ազգային պատկանելիութեան վերաշեշտում։…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։   Յընթացս Ս. Պատարագին, մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, օրհնուեցաւ…