4 May, 2022

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Ազատական կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի նախկին նախագահ Քամիլ Շամունի թոռնիկին՝ Քամիլ Տօրի Շամունին:
 
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներքին քաղաքական, ընկերա-տնտեսական եւ ընտրական մարզերուն ու աշխատանքներուն հետ աղերս ունեցող հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով պատուիրակութեան այցելութիւնը՝ յիշեց, որ Կաթողիկոսարանի եւ նախագահ Քամիլ Շամունի միջեւ բարեկամական կապեր եղած են անցեալին, միաժամանակ ան յոյս յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութեամբ Լիբանանի կեանքին մէջ նոր էջ մը կը բացուի: