ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԵԿԷՔ, ԹԱՂԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ ԵՒ ՄՕՏԵՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ   Աւագ Ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, բազմաթիւ ուխտաւորներ Անթիլիասի Մայրավանք գալով ծաղիկներ ընծայեցին եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած Յիսուսի դագաղին, իսկ երեկոյեան՝ միացան դարերու ընթացքին մեր հայրերէն մեզի հասած յուզումնախառն շարականներով, մեղեդիներով եւ աղօթքներով շաղախուած Թաղման Կարգին, որուն կը նախագահէր Ս.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին եւ աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Հայրապետին հետ։   Հանդիպման ընթացքին քննարկումները առաւելաբար կեդրոնացան ընդհանրապէս Լիբանանի ներքին կացութեան եւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ այս ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած առանցքային դերակատարութեան։