ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրուեցաւ Ե.Հ.Խ.ի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները եւ Միջին Արեւելքը։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ ստացաւ ազգային եւ օտար շրջանակներէ՝ գրաւոր թէ հեռաձայնով։ Ստորեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի շնորհաւորական գիրը՝ ուղղուած Նորին Ս. Օծութեան.- Վեհափառ Տեր, Արցախի ժողովրդի, իշխանությունների…