ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին, 14 Օգոստոսին Եգիպտոսի Կիզա նահանգին Ապու Սէյֆէյն եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով զոհ գացած հաւատացեալներուն մահուան տխուր առիթով։

 

Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիրին մէջ ըսաւ. «Յուզմունքով կը հետեւինք աղէտի զարգացումներուն եւ այս տխուր պայմաններուն մէջ կը զօրակցինք Ձերդ Սրբութեան։ Անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կը յայտնենք մեր եղբայրական խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը»։

 

Իր նամակի աւարտին, Սրբազնագոյն Հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որ «բարձրեալն Աստուած ողորմի զոհերու հոգիներուն եւ Իր Արքայութեան մէջ ընդունի զանոնք, իսկ անոնց ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ համբերութիւն ու Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն։ Աստուած օրհնէ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւնը, անոր պետութիւնն ու ժողովուրդը եւ պահէ ու պահպանէ ղպտի ուղղափառ քոյր եկեղեցին ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ»։