Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի 1 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպում, մասնակցութեամբ Թեմակալ Առաջնորդներուն։
 
Հանդիպման ընթացքին զեկոյցներ տրուեցան միջ-եկեղեցակիան ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց, ծիսական ու Սրբադասման յանձնախումբերու աշխատանքներուն, եւ կրօնական բնոյթ ունեցող այլ հարցերու գծով։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Քէսապի գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն։
 
Ժողովի ընթացքին ճշդուեցան հետեւեալները.-
 
ա) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքը կատարել Կիրակի 19 Յուլիս, 2015-ին, Պիքֆայայի ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ։
 
բ) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպել ուխտագնացութիւններ՝ դէպի Անթիլիաս (13-20 Յուլիս, 2015)։
 
գ) Յատուկ կարեւորութեամբ շարունակել ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Քէսապի օժանդակութեան աշխատանքները թեմերէն ներս։
 
դ) Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Մայիսի սկիզբը հրաւիրուած է որպէս գլխաւոր դասախօս Պահրէյնի պետութեան կողմէ կազմակերպուած միջ-կրօնական համագումարին։ Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ Յունիսի սկիզբը պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ ու հանդիպում պիտի ունենայ Սրբազան Քահանայապետին, Ֆրանսիս Ա. Պապին հետ։