Երէկ առաւօտ, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գաղթականներու հարցերու ընդհանուր պատասխանատու՝ Վալերի Ամոսէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վեհափառ հայրապետին հետ իր ունեցած հանդիպման, ու անոր կատարած ցուցմունքներուն համար եւ կը վստահեցնէ թէ մօտէն կը հետեւի Քեսապի գաղթականներուն հարցին, շարունակելով այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը:
Յայտնենք, որ Քեսապի հարցը իր քաղաքական, մարդասիրական ու ազգային երեսներով կը շարունակէ մնալ Նորին Սրբութեան ու Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան մտահոգութեան ու աշխատանքներուն առաջնահերթ առարկան:
Այս առաւօտ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ երկու միաբան հայրերու ուղղուեցաւ Լաթաքիա, Քեսապի գաղթականներուն հետ տեսնուելու եւ հանդիպումներ ունենալու պատասխանատու մարմիններուն հետ:
Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Քեսապի տագնապի գծով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ցուցաբերած ազգային միասնականութեան ու զօրակցութեան համար: Վեհափառ Հայրապետին սպասումն է, որ մեր ժողովուրդի զօրակցութիւնը Քեսապի ու ամբողջ սուրիահայութեան շարունակուի գործնական արտայայտութիւններով յատկապէս՝ նիւթական օժանդակութեամբ թիկունք կանգնելով սուրիահայութեան կարիքներուն եւ ընդհանրապէս վերակագնումի աշխատանքներուն: