ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

“ՍԷՐԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԳՈՐԾԻՆ ԱՌԱՆՑՔԸ”
                                                                 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարելով Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց սիրոյ հրամայականը մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ։ Վեհափառը ըսաւ. “կþուզէ՞ք սիրոյ վաւերական իմաստը գիտնալ, նայեցէ՛ք մեր Երկնաւոր Հօր։ Ան սիրով մղուած ստեղծեց այս տիեզերքը մարդուն համար։ Ան սէրէն մղուած աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին, դարձեալ մարդուն համար”։ Շարունակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ ըսաւ. “դիտեցէք կեանքն ու առաքելութիւնը Քրիստոսի։ Ան սիրոյ կարեւորութիւնը միայն չշեշտեց, այլ իր կեանքէն ու առաքելութենէն արեւու լոյսին նման ճառագայթեց սէրը՝ ուղղուած մարդուն։ Որպէս սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն Քրիստոս նոյնիսկ իր արիւնը թափեց մարդուն համար։ Ահա թէ ինչու Քրիստոս իր հետեւորդներուն պատգամեց զիրար սիրել։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց հաւատացեալներուն թէ՝ “քրիստոնեայ ըլլալ՝ հետեւիլ է Քրիստոսի ու հետեւիլ Քրիստոսի կը նշանակէ սիրել զԱստուած, մեր ազգը, մեր նմանը։ Ու սիրել կը նշանակէ աղքատին, հիւանդին, զրկեալին օգտակար ըլլալ։ Հետեւաբար, սիրելը նուիրում, յանձնառութիւն, ինքնընծայում կþենթադրէ։ Ոտնլուայի այս արարողութիւնը պատգամ մը մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ սէրը դարձնելու մեր կեանքին ու գործին առանցքը” պատգամեց Վեհափառ Հայրապետը։

Հայ եկեղեցւոյ տօնակարգին համաձայն, Աւագ Հինգշաբթի առաւօտեան Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, որպէս յիշատակ Քրիստոսի վերջին ընթրիքին, իր աշակերտներուն հետ։ Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, եւ ապա, գիշերը մինչեւ ուշ ժամուն՝ հսկումի արարողութիւն, միշտ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Բոլոր արարողութիւններուն ընթացքին Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարն ու բակը լեցուն էին հաւատացեալներով, որոնք եկած էին օրուան հոգեպարար արարողութիւններուն ճամբով վերանորոգելու իրենց քրիստոնէական հաւատքը։