Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Երեքշաբթի 22 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Լիբանանի Մարտ 14-ի քաղաքական խմբաւորումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ յիշեալ համախմբումի կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Տքթ. Ֆարէս Սըէտի, այցելութիւն մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Շուրջ ժամ մը տեւող խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր։ Պատուիրակութեան անդամները իրենց մօտեցումները ու մտահոգութիւնները պարզեցին…