100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ ԳԾՈՎ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 10 Փետրուար 2014-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Անդամ ԵՀԽ-ի Գործադիր Վարչութեան) եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան (Անդամ ԵՀԽ-ի Կեդրոնական Վարչութեան), ԵՀԽ-ի Ատենապետ Դոկտ. Ակնէս Ապումի եւ Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թուէյթի հետ ժողով մը գումարեցին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյններն ու պատկերացումները փոխանցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման գծով ԵՀԽ-ի ունենալիք դերակատարութեան մասին։   

 

Նախ, Նարեկ Սրբազան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծրագիրները։ Ապա, Թենի Սիմոնեան խօսեցաւ 7 Փետրուարին Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ Դեսպանուհի Րութ Ֆլինթի Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած այցելութեան եւ «Արմէնոֆաս»-ի ու Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման համատեղ ծրագիրներուն մասին։ 

 

Գալով ԵՀԽ-ին, ժողովականներ անդրադարձան, թէ ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յայտարարութիւնը «կը թելադրէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին. 1) 2015-ի Ապրիլ 24-ին մօտ թուականի մը, Ժընեւի մէջ կազմակերպել միջազգային համագումար մը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման՝ մասնակցութեամբ միջազգային օրէնքի ու Ցեղասպանութեան մասնագէտներու: 2) Ժընեւի Մայր Տաճարին մէջ կազմակերպել կրօնական արարողութիւն: 3) Կոչ ուղղել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ աշխատանք տանելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով»: 

 

Այս ուղղութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները առաջարկեցին միջազգային համագումարը կազմակերպել.

1) Փետրուար կամ Մարտ 2015-ին։

2) Թեմա ունենալ Անթիլիասի մէջ նախապէս գումարուած Հայ Դատի միջազգային համագումարներու շարունակութիւնը նկատուող «անպատժելիութիւնը»։ 

3) Կազմակերպիչ յանձնախումբին մէջ ներառել ԵՀԽ-ի Կեդրոնական Վարչութեան չորս անդամներ՝ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեանն ու Փոլա Տէր Մաթոյեանը (Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն), Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան  եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեանը (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն)։

 4) Համատեղ սկսիլ պատրաստել դասախօսներու եւ հրաւիրեալներու ցանկը։

 

Ապա, Հայ Եկեղեցի եւ ԵՀԽ գործակցութեան զանազան բնագաւառներ քննարկուեցան ու յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ իրավիճակին մասին միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ։