Աւագ Երեքշաբթի 15 Ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան, Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութեան: Յիսուսի պատմած Տասը Կուսանաց առակէն առնելով իր իմաստը, սոյն ժամերգութիւնը կու գայ յիշեցնելու մարդկութեան, Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ աշխարհի վախճանը։
Մինչ Աւետարանի ընթերցումը տեղի կ’ունենար, տասը հայ աղջիկներ, «Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան» վարժարանէն, եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին, Մայր Տաճարի դասին մէջ կանգնեցան։ Անոնցմէ հինգը իրենց բաժնուած թուղթին մէջ «իմաստուն» գրութիւնը կարդալով, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ անոնք որոնք «յիմար» կարդացին՝ մարեցին զանոնք՝ խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը։ Իմաստունները, առակին մէջ յիշուած հինգ կոյսերուն նման՝ Տիրոջ Գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշէին, իսկ մնացեալները՝ անտարբեր մարդիկ, որոնք չեն հետաքրքրուած Աւետարանի բարոյական սկզբունքներով, ու իրենց առօրեան կ’ապրին հեռու քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներէն։
Արարողութեան աւարտին, Տասը Կոյսերը Մայր Տաճարի փոխ-Լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Տաճատ Աբղ. Աշըգեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան Վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն հանդէպ անոնց հետաքրքրութիւնը եւ յորդորեց սիրել իրենց Մայրենի Եկեղեցին եւ գործադրել Աւետարանական պատգամները: