1.- Հայրապետական Կոնդակ
100-ամեակի սեմին Վեհափառ Հայրապետը յատուկ Կոնդակ մը պիտի հրապարակէ, շեշտելով ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հրամայականը, կոչ ուղղելով միջազգային համայնքին արդարութիւն հատուցանելու հայ ժողովուրդին, միաժամանակ թելադրելով մեր թեմերուն, որ բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ նշեն 100-ամեակը։
2.- Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն
Կեդրոնի ծրագիրը վերջին տարիներուն Վեհափառ Հայրապետին ու Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան մնայուն քննարկումի առարկան դարձաւ։ Այս գծով որոշ ենթահող պատրաստուեցաւ ու կարելիութիւնները լրջօրէն քննարկուեցան։ Վայրի իմաստով երկու պատկերացումներ գոյութիւն ունին.- կամ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս յատուկ կեդրոն մը հաստատել , եւ կամ Թռչնոց Բոյնին մէջ հաստատուելիք Ցեղասպանութեան Թանգարանի երկրորդ յարկը յատկացնել սոյն ծրագրին։
3.– Արեւմտեան Հայաստանի և Կիլիկիոյ Յուշամատեաններու հրատարակութիւն
Շուրջ յիսուն ծաւալուն հատորներէ բաղկանալիք շարք մը պիտի ըլլայ յիշեալ շարքը։ Ցարդ հրատարակուած են Ատանայի, Հաճընի, Տարօնի, Զէյթունի, Մարաշի, Կիւրինի եւ Այնթապի յուշամատեանները։
4.– Պիքֆայայի յուշարձանի վերանորոգում և շրջապատի բարեզարդում
Այս լայնածաւալ ծրագիրը կը ներառէ նահատակաց նուիրուած խորանի շինութիւն, յուշարձանի վերանորոգում, պատերուն վրայ հայոց պատմութիւնն ու ցեղասպանութիւնը ներկայացնող խորհրդանիշերու փորագրում, ներառեալ ցեղասպանութեան քարտէսը, եւ շրջափակի ընդհանուր բարեզարդում։ Աշխատանքը շուտով կ’աւարտի։
5.- Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քաթալոկի հրատարակութիւն
Քաթալոկին մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւէ ցեղասպանութիւնը՝ մասնաւորաբար կրօնական ու մշակութային սպասներու մասին տրուած տեղեկութիւններու ծիրէն ներս։ Հրատարակութիւնը պիտի աւարտի Օգոստոս 2014-ին։
6.- Անթիլիասի Նահատակաց մատրան վերանորոգում
Անթիլիասի Նահատակաց մատուռը, հիմնուած 1938-ին, ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին մատուռը եղած է, ուր զետեղուած են Տէր Զօրէն բերուած նահատակներու աճիւնները։ Մատուռը, իր ներքին ու արտաքին տեսքով հիմնական բարեփոխութեան պիտի ենթարկուի։ Աշխատանքները պիտի աւարտին մի քանի ամիսէն։
7.- Ցեղասպանութեան թանգարանի հաստատում
Թռչնոց բոյնին մէջ հաստատուելիք թանգարանը Սփիւռքի մէջ ցեղասպանութեան ու որբերուն նուիրուած առաջին թանգարանը պիտի ըլլայ։ Սոյն թանգարանը առաւելաբար պիտի ներառէ որբերու կեանքին առնչուած վկայութիւն, նկարներ ու իրեր։ Աշխատանքը ընթացքի մէջ է։
8.- Ցեղասպանութեան միջազգային համագումարի կազմակերպում
Սոյն համագումարը տեղի ունեցաւ 23-25 Փետրուար 2012-ին՝ “Ճանաչումէ հատուցում” թեմայով, մասնակցութեամբ 30 միջազգային ճանաչում ունեցող դատաւորներու ու միջազգային օրէնքի մասնագէտներու։
9.- Եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածներու ցանկագրում
Այս աշխատանքը լայն չափով կատարուած է եւ շուտով իր աւարտին պիտի հասնի։
10.- Միւռոնօրհնէք
Ծրագրուած էր Միւռոնօրհնէքը կատարել Տէր Զօրի մէջ, բնականաբար երբ երկրին պայմանները նպաստաւոր էին։ Որոշուած է Միւռոնօրհնէքը կատարել Կիրակի 19 Յուլիս 2015-ին, Պիքֆայայի Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ։
11.- Ուխտագնացութիւն դէպի Անթիլիաս ու Հայաստան
Թեմերուն կողմէ կազմակերպուելիք ուխտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13-27 Յուլիս 2015ին եւ պիտի ներառէ միւռոնօրհնէքը ե 100-ամեակին առընչուած այլ ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Հայաստան, արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա։
12.– Պիքֆայայի յուշարձանին շուրջ ձեռնարկներ
Կը ծրագրուի մշակութային ու երիտասարդական ձեռնարկներ կազմակերպել Պիքֆայայի յուշարձանին շուրջ՝ նկատի ունենալով հոն ստեղծուելիք լայն կարելիութիւնները։
13.- Յուշագիր՝ պետութիւններուն, եկեղեցիներուն, այլ կրօններու ղեկավարներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն
Նախընտրաբար՝ երկու Վեհափառ Հայրապետներու եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքին ու Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու նախագահի միացեալ ստորագրութեամբ։
14.– Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասում
Շատ հաւանաբար սրբադասումը տեղի ունենայ 24 Ապրիլ 2015ին միաժամանակ Ս. Էջմիածնի ու Անթիլիասի մէջ։
15.– Հոգեւոր պետերու միացեալ կոչ՝ եկեղեցապատկան կալուածները պահանջող
Սոյն կոչը կատարուեցաւ Ապրիլ 24, 2013-ին։
16.- Միջազգային համագումար Ժընեւի մէջ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միացեալ աշխատանքով, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի վերջին համաժողովը (2013) յատուկ բանաձեւով վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման։ Ան նաեւ որոշեց այս ծիրէն ներս համագումար մը կազմակերպել Ժընեւի մէջ։ Սոյն համագումարը պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
17.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Արմենօֆասի միացեալ ճիգով ձեռնարկներ՝ Զուիցերիոյ մէջ
Նկատի ունենալով Զուիցերիոյ դերը յատկապէս որբերու հաւաքումին ու օժանդակութեան գծով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Զուիցերիական եկեղեցիներու միացեալ աշխատանքով երկար տարիներէ ի վեր գործող “Արմենօֆաս”ը կը ծրագրէ յատուկ ձեռնարկներ կազմակերպել Պեռնի եւ Լոզանի մէջ։
18.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ յայտարարութիւն
Ապրիլ 3-4, 2014-ին Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 100-ամեակին եւ այս գծով յայտարարութիւն մը կատարեց։
19.- Առաջնորդ Սրբազաններու եւ 100-ամեակի յանձնախումբերու ատենապետներու համագումար
Սոյն համագումարը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, 9 Ապրիլ 2014-ին։
20.– Ազգ. Ընդհ. ժողովին յայտարարութիւն
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման կարեւորութիւնը վեր առնող ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրական կեցուածքը շեշտող սոյն յայտարարութիւնը կատարուեցաւ 13 Յունիս 2013-ին։
21.– 100-ամեակի նուիրուած Լիբանանեան դրոշմաթուղթ
Սոյն աշխատանքը ընթացքի մէջ է։
22.– Մարդկային իրաւանց և ցեղասպանութեան Միջազգային Տարեգիրքի առանձին թիւ նուիրուած հայոց ցեղասպանութեան
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած “Ճանաչումէն հատուցում” համագումարին ներկայացուած բոլոր դասախօսութիւնները տպուեցան Inter-national Criminal Law Review (N: 14, 2014)ի մէջ։
23.- Մասնակցութիւն համազգային եւ միջազգային մաշտապով թեմերէն ու գաղութներէն ներս տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն
Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած է մասնակցելու եւ խօսք առնելու մեր գաղութներէն, ինչպէս նաեւ օտար շրջանակներէն ներս տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն։
Անթիլիաս
9 Ապրիլ 2014