Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրամանով, վերջերս Կաթողիկոսարանիս Տպարանէն լոյս տեսաւ «Աստուծոյ Խօսքը սնունդ մեր ամենօրեայ կեանքին» անունը կրող գիրք մը, հեղինակութեամբ Հոգշ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեանի: Գիրքը բաղկացած է 365 հոգեւոր խորհրդածութիւններէ:
Գիրքին ընթերցումով.-
Հոգեւոր ծարաւ ունեցող մարդը, անպայման որ հոգեկան բաւարարութիւն կը ստանայ:
Տիրոջ խօսքին քաղցրութիւնը ճաշակել ուզող մարդը` լայն յագեցում ձեռք կը ձգէ:
Ճշմարտութիւնը գիտնալ փափաքող մարդը` ճշմարտութեան լոյսին կը բացուի:
Կեանքի փորձութեանց դիմաց քաջալերանքի ու գօտեպնդումի կարիքը ունեցող մարդը` կը քաջալերուի ու կը զօրանայ:
Ամենօրեայ հոգեւոր խորհրդածութիւններ պարունակող այս գիրքին գրութեամբ, հեղինակին նպատակն է, ինչպէս ինքն իսկ իր ներածականին մէջ կ’ըսէ.-
ա) Ամենօրեայ հոգեւոր սնունդ ջամբել` հոգեւոր ծարաւ ունեցող մարդուն:
բ) Քաջալերել հաւատացեալ մարդը, որ իր առօրեայի ընթացքին տեղ ու ժամանակ յատկացնէ Աստուծոյ:
գ) Հրաւիրել հաւատացեալ մարդը, որ իր օրը սկսի Աստուծոյ Խօսքին մասին մտածելով, անոր սիրոյն մասին խորհրդածելով, օրուան ղեկը Տիրոջ ձեռքին մէջ դնելով, եւ օրուան նպատակը դարձնելով` Աստուծոյ կամքին կատարումը:
դ) Մղել հաւատացեալ մարդը, որ իր օրը աղօթքով սկսի, փառաբանութեամբ աւարտելու համար: