«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ, ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ- Շաբաթ 26 եւ Կիրակի 27 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեանի (Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ), Տ, Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի (Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի) եւ Տ. Մակար Ծ. Վրդ. Աշգարեանի (Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ) եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը:
ՈՒԽՏԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ 26 Ապրիլ 2014-ին երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ հոգեւորականաց դասը առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, ուր Ս. Երրորդութեան Խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ ուխտի ստորագրութիւն ու հաւատքի քննութիւն:
Առաջին հերթին ընթերցուեցան Գանատայի, Թեհրանի ու Ատրպատականի Թեմերու Ազգային Իշխանութեանց կողմէ գրուած վկայագիրները, որոնցմով առաջարկ կը ներկայացուէր Վեհափառ Հայրապետին, եպիսկոպոսական աստիճան շնորհել երեք ընծայեալներուն: Ապա, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան աստիճաններով, դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ, քահանաներ, եւ եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ իշխաններ ու ժողովրդականներ ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին ու խոնարհութիւն կատարեցին: Աղօթքներու ընթերցումով, Վեհափառ Հայրապետը ճշմարիտ դաւանութեան օրինակը տուաւ ընծայեալներուն, որմէ ետք ուղիղ դաւանութեան հաստատական խօսքերով անոնք խոստովանեցան ճշմարիտ դաւանութիւնը համաձայն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հաւատամքին:
Ապա, նուիրեալները ծնկաչոք ընթերցեցին իրենց Ուխտը, եւ հրապարակաւ յայտնեցին իրենց հաւատարմութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին նկատմամբ, իրենց հնազանդութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետին հանդէպ եւ իրենց ծառայական պատրաստակամութիւնը Մայրենի Ս. եկեղեցւոյն ու մեր սիրեցեալ ժողովուրդին։
Այս խորհրդալից արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշ եմիփորոնները զգեցուց անոնց, եւ «Պահպանիչ»ով օրհնեց:
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ
Յաջորդ օր, Կիրակի 27 Ապրիլ 2014-ին, տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը: Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ եղան Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան (Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին) եւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին): Խարտաւիլակն էր Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։
Արամ Ա. Կաթողիկոս սրբալոյս միւռոնով օծելէ ետք Տ. Մեղրիկ, Տ. Գրիգոր եւ Տ. Մակար Եպիսկոպոսներու ճակատն ու աջ ձեռքին բթամատը, եպիսկոպոսական գաւազանն ու մատանին փոխանցեց անոնց:
Օծումէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ՝ նորաօծ Մեղրիկ, Գրիգոր եւ Մակար Եպիսկոպոսները ժողովուրդի ծառայութեան լուծը առնելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով պիտի դառնան սպասաւորները հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին, նախանձախնդրութեամբ կատարելով իրենց վստահուած բոլոր պարտականութիւնները յանձն առնել: Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց իրենց պատկանած թեմերուն ճամբով, մեր ժողովուրդին ընծայուած ծառայութիւնը լաւագոյնս արժեւորելու ծանր բայց եւ քաղցր պարտաւորութիւնը։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդադարձաւ հետեւեալ երեք բառերով կեանքի այն որակին մասին որոնք պէտք է դառնան նորաօծ եպիսկոպոսններուն կեանքի ուղղութիւն ու նպատակը: «Ծառայութիւնը, հնազանդութիւնը եւ համեստութիւն Անթիլիասի միաբանութեան կեանքին ու առաքելութեան որակը կը կազմեն» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
«Ողջոյն»ի պահուն միաբան հայրեր ու ներկայ հոգեւորականներ բարձրացան Ս. Խորան եւ շնորհաւորեցին նորաօծ սրբազանները։ Ս. Պատարագի եւ օծման արարողութեան աւարտին, ներկայ հաւատացեաներ, որոնք հոծ թիւով եկած էին Գանատայի, Թեհրանի եւ Ատրպատականի թեմերէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի զանազան շրջաններէն, Վեհարանին մէջ Աջահամբոյրով իրենց որդիական սէրը արտայայտեցին Վեհափառ Հայրապետին, եւ ապա ստացան նորաօծ եպիսկոպոսներուն առաջին օրհնութիւնը՝ անոնց յայտնելով իրենց բարեմաղթութիւնները: