Այս բառերով Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանէն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով: Վեհափառ Հայրապետը մէջբերումներ կատարելով Եղիշէ Պատմիչին Վարդանանց նուիրուած գրքէն, յիշեցուց Վարդանանց պատերազմը կանխող պայմանները Հայաստանէն ներս՝ երբ հայ ժողովուրդի հաւատքը ու հայրենիքը դարձած էին խնդրոյ առարկայ: Այս կացութեան դիմաց, հայ ժողովուրդը միահամուռ կամքով ու հաւատքով դէմ կեցաւ թշնամիին ու պաշտպանեց իր հաւատքն ու հայրենիքը: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց թէ՝ ՛՛հայութիւնը մէկ ամբողջութիւն է ու այդ մէկ ամբողջութեան մէջ անքակտելիօրէն միացած է հաւատքն ու հայրենիքը: Ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ժողովուրդը գիտցաւ պաշտպանել իր գերագոյն արժէքներն ու իրաւունքները: Այսպէս եղած է մեր պատմութիւնը: Ա՛յս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը առաջնորդած են մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներու Վարդաններն ու Ղեւոնդները՝՝:
Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ՝ ՛՛Այսօր եւս մեր հաւատքի, հայրենիքի ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մեր ժողովուրդը կը մղէ նոր իմն Աւարայրեան ճակատամարտներու: Մեր հայրենիքը այսօր լուրջ տագնապներու դիմաց է: Հայրենի ժողովուրդը կը հեռանայ մեր պապերու քրտինքով ու արիւնով շաղախուած ու պաշտպանուած հողերէն: Տնտեսական տագնապը լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը դնէ մեր ժողովուրդը: Հայաստանը շրջապատուած կը մնայ թշնամիներով: Միւս կողմէ մեր քրիստոնէական հաւատքը՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ մնայուն կերպով ենթակայ է փորձութիւններու: Մեր ժողովուրդի իրաւունքները տակաւին կը մնան ոտնակոխուած: Այս վտանգալից կացութեան դիմաց, մեր ժողովուրդը կոչուած է Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց նո՛յն հաւատարմութեամբ պայքարիլ: Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց նշումը հրաւէր մըն է իւրաքանչիւր հայու վերանորոգելու իր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը՝ գործնապէս մասնակից դառնալու հայութեան հաւաքական պայքարին՝՝:
Նոյն օրը առաւօտեան Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ Վեհարանի դահլիճին մէջ Դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտմեանի ներկայացուց շարք մը ազգայնաշունչ երգեր: Արտասանութիւններ կատարուեցան նաեւ Դպրեվանքի Ժառանգաւորներուն կողմէ, ներկայութեամբ ժողովական մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին: