Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երեքշաբթի 22 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Լիբանանի Մարտ 14-ի քաղաքական խմբաւորումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ յիշեալ համախմբումի կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Տքթ. Ֆարէս Սըէտի, այցելութիւն մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ 

Շուրջ ժամ մը տեւող խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր։

Պատուիրակութեան անդամները իրենց մօտեցումները ու մտահոգութիւնները պարզեցին մասնաւորաբար քրիստոնեաներու արտագաղթին, Լիբանանէն ներս Սուրիոյ տագնապի հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շրջանին տեղի ունենալիք Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով։

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ համայնքները շրջանէն ներս աւելի կազմակերպելու ու անոնց կապուածութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը, եւ այս ծիրէն ներս Վեհափառը յոյս յայտնեց, որ իսլամ ղեկավարներ, կրօնական թէ քաղաքական, հրապարակային արտայայտութիւն ունենան ընդգծելով շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու ապահովութեան պահպանումը։ Խօսելով Լիբանանէն ներս նոր նախագահի ընտրութեան մասին, Վեհափառը ըսաւ, թէ հարկ է ընտրել նախագահ մը, որ բոլոր կողմերը միացնող, տարբերութիւնները մօտեցնող եւ Լիբանանի պետութեան հիմքերը ամրապնդող անձ մը ըլլայ։