Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐ

Երկուշաբթի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Արցախի նոր սերունդին պատկանող տաղանդաւոր պատանիներու ու փոքրիկներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան փոխևնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Արցախ Ֆոնտի ներկայացուցիչներուն։ Անոնք Լիբանան ժամանած էին մասնակցելու Արցախի Մշակոյթի Շաբթուան յայտագրին։ Հիւր տղաքն ու աղջիկները գեղարուեստական փունջ մը հրամցուցին Վեհափառ Հայրապետին, իրենց նուագով, երգերով ու…