Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԽԱՉՈ՛Վ ԿԵՐՏԵՑ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հայ եկեղեցւոյ շարականը հետեւեալ ամփոփ սակայն խորիմաստ բառերով կը բնութագրէ Քրիստոսի Յարութիւնը՝ մահուամբ մահը յաղթեց”։

Մահկանացու մարդուն համար մահով մահը յաղթելը բանականութեան ու երեւակայութեան սահմանները անդրանցնող երեւոյթ մըն է։ Հո՛ս կը կայանայ խորհուրդը Աստուծոյ Որդւոյն Յարութեան ու պատգամը՝ համայն մարդկութեան։

Ինչո՞ւ Աստուծոյ Որդին մարդկային պատմութեան մէկ հանգրուանին երկիր իջաւ եւ մարդկային բնութիւնը իւրացուց։ Քրիստոնեայ մարդուն համար այս հարցումին պատասխանը յստակ է՝ մարդու փրկութեան համար։ Արդ, Քրիստոսի մարդեղութիւնը պարագայական դէպք մը չէր. ան որոշակի նպատակ ունէր։

Արդարեւ, Աստուծոյ երկրաւոր զաւակը հեռացած էր իր Երկնաւոր Հօրմէն. իր աստուածատուր կոչումը հաւատարմօրէն իրագործելու կոչուած մարդը մեղանչած էր։ Իր անառակ կեանքով, մեղաւոր վարքագծով ու անձնակեդրոն նպատակով մարդը կը գտնուէր մահուան անդունդին մէջ։

Ահա թէ ինչու Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը հրամայական անհրաժեշտութիւն դարձած էր։ Աստուած սիրող ու ներող հայր էր. չէր կրնար անտարբեր մնալ մարդու անկեալ վիճակին նկատմամբ։ Աւետարանիչը կþըսէ թէ՝ Աստուած այնքան սիրեց իր ստեղծած արարածը, որ նո՛յնիսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ մարդու փրկութեան համար (Յովհ. 3. 16)։

Մարդուն նկատմամբ իր ունեցած անհուն սիրոյ մղումով աշխարհ եկած Աստուծոյ Որդին սիրոյ նոյն մղումով կատարեց իր փրկագործական առաքելութիւնը՝ Բեթղեհէմէն մինչեւ Յարութիւն։ Քրիստոս սէր քարոզեց. եւ աւելին՝ սիրով մղուած աղքատին հետ եղաւ, հիւանդը բժշկեց, մեռեալին կեանք տուաւ։ Քրիստոս իր կեանքով ցոյց տուաւ մարդուն աստուածատուր կեանքը Աստուծոյ ներկայութեամբ ճշմարտօրէն ապրելու ու դէպի Աստուած դառնալու եւ դէպի փրկութիւն ու յաւիտենական կեանք քալելու վաւերական ճամբան։

Յարութեան, այլ խօսքով՝ փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի ճամբան, խաչի՛ ճամբան է։

Խաչը որպէս սիրոյ արտայայտութիւն մնայուն ու տիրական ներկայութիւն եղաւ Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Քրիստոս Գողգոթան ապրեցաւ Գողգոթայէն առաջ։ Ան կեանքի տառապանքը խաչո՛վ նուաճեց. իր դէմ եղած հալածանքները խաչո՛վ դիմագրաւեց. իսկ մահը իր կամաւոր ինքնընծայումով յաղթեց։

Խաչը սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւնն է։ Ճշմարիտ սէրը սոսկ զգացական ու վաղանցուկ երեւոյթ մը չէ, աննպատակ հոգեվիճակ մը չէ։ Սէրը սրբազան նպատակի մը համար տառապիլ, պայքարիլ ու նո՛յնիսկ ինքզին տալ է։ Եկեղեցւոյ մէջ  ամէն օր երգուող “Սուրբ Աստուած” շարականը կը յիշեցնէ մեզի թէ՝ Քրիստոս մարդո՛ւն համար ծնաւ, մարդո՛ւն համար խաչուեցաւ ու մարդո՛ւն համար յարութիւն առաւ։

Քրիստոնէութեան հզօրութեան աղբիւրը ու յաւերժութեան երաշխիքը Քրիստոսի Յարութիւնն է. Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը” (Ա. Կորնթ. 15. 14)։ Չկայ յարութիւն առանց Գողգոթայի, չկայ սէր առանց խաչի։ Յարութիւն ու Գողգոթա քրիստոնէական մտածողութեան, կեանքին ու վկայութեան մէջ միշտ եղած են առնչակից՝ դառնալով զիրար ամբողջացնող երկու հիմքերը քրիստոնէական հաւատքին ու առաքելութեան։

Արդ, մահով նուաճուած Քրիստոսի Յարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ դառնալու խաչին, անոր ուժին, խորհուրդին ու պատգամին։ Խաչով կերտուած Քրիստոսի Յարութիւնը մեզ կը զինէ հաւատքով ու յոյսով՝ չվհատելու կեանքի դժուարութիւններէն, չընկճուելու մեզ շրջապատող մտահոգութիւններէն, հեռու մնալու յուսալքումի գերին դառնալու հոգեվիճակներէ ու փարելու Քրիստոսի Յարութեամբ մեզի պարգեւուած յաւիտենական կեանքին։ 

Ահա պատգամը Քրիստոսի թափուր գերեզմանին։

Ահա քրիստոնեայ մարդուն կեանքին առջեւ բացուած ճշմարիտ ճամբան։

                                                                                               *

                                                                                             *  *

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եղած է տառապալից։ Շատ քիչ առիթներով միայն խաղաղութեան ծիածանը կամար է կապած հայ կեանքի երկնակամարին վերեւ։ Սակայն մեր ժողովուրդը իր հաւատքին զօրութեամբ յաղթահարած է ամէն տեսակ փորձանք ու չարիք։ Հայ ժողովուրդը Առաքեալին խօսքը դարձուցած է իր կեանքին նշանաբանը՝ Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ” (Հռոմ. 8. 31)։ Աստուած մեզի հետ եղած է մեր պատմութեան ամենէն ճակատագրական պահերուն, մեր կեանքի ամենէն ողբերգական պայմաներուն։ Պատմութեան ամենէն ահաւոր ողբերգութիւնները ճաշակած հայութեան ու հայրենիքին գոյութիւնը այսօր փաստօրէն հրաշքի համազօր երեւոյթ է։

Վերջին երեք տարիներուն հայ ժողովուրդի մարմնին վրայ կոտտացող նոր վէրք մը դրաւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապը։ Իսկ վերջերս Քէսապէն ներս ստեղծուած կացութիւնը աւելի խորացուց վէրքը հայութեան։ Այս տագնապին դիմաց մենք երբեք պիտի չընկճուինք ու չյուսահատինք։ Հայութիւնը քաջութիւնը ու համբերութիւնը ունի, միշտ ունեցած է,  իր ցաւը բժշկելու, իր վէրքը դարմանելու ու քանդումը վերականգնումի կամքով ու մահը՝ կեանքով յաղթահարելու։

Հայութիւնը մէկ ամբողջութիւն է։ Հայութեան մէկ մասին ցաւը ո՛ղջ հայութեան ցաւն է։ Այս խոր գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակելու իր անվերապահ ու ամբողջական աջակցութիւնը Սուրիահայութեան։ Չենք կրնար սոսկ պատահական մօտեցումներով ու զգացական արտայայտութիւններով մասնակից դառնալ Սուրիահայութեան վերականգնումին։ Անհրաժեշտ է զօրաշարժի ենթարկել մեր կարելիութիւնները։ Սուրիոյ պատմական գաղութին վերականգնումը հրամայական ու համահայկական առաջնահերթութիւն է։

Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ, Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով ու յոյսով օծուն այս օրերուն աղօթքի ու զօրակցութեան ճամբով յիշենք Սուրիոյ մեր սիրելի գաղութը։

                                                                                                        *

                                                                                                      *  *

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կþողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգիսեանը, մաղթելով արդիւնաշատ գործունէութիւն՝ ի սպաս մեր սիրելի հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին։

Եղբայրական ջերմ սիրով կþողջունենք մեր եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով երկար գահակալութիւն եւ եկեղեցաշէն ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կþողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Կþաղօթենք առ Աստուած, որ Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով զօրացած ապրին իրենց կեանքը մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակները։

                                                                                        

                                                                                            ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ                                                                                                                                                                                ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   

 

Սուրբ Զատիկ

20 Ապրիլ 2014

Անթիլիաս, Լիբանան