28 Ապրիլի, 2014

ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՅԻՆ

Երէկ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եեկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Իգնատիոս Աֆրամ Բ.ի ներկայացուցիչը՝ Մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա, շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով եւ միանգամայն իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայոց ցեղասպանութեան 99ևամեակին առթիւ։ Ան նաեւ Աֆրամ Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին։

 

Յայտնենք, որ Լիբանանի Ասորի համայնքը իր կարգին անցեալ շաբաթ յատուկ հանդիսութեամբ մը նշած էր Օսմանեան պետութեան կողմէ ասորիներուն դէմ գործադրուած ջարդերուն յիշատակը։ Սոյն Հանդիսութեան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ներկայ գտնուած էր Միջ-Եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան:

More News