Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2014-ի առաւօտուն World Watch Monitor կազմակերպութեան տնօրէնին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, թէ հակառակ Սուրիայէն ներս ստեղծուած ծանր կացութեան, Սուրիոյ հայութիւնը կը մնայ ամրօրէն կառչած Սուրիոյ։ “Մենք երբեք չենք մոռնար ցեղասպանութենէն յետոյ սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած եղբայրական ոգին հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Տարիներ շարունակ Սուրիոյ հայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ սուրիական հայրենիքի վերելքին։ Այսօր, երբ սուրիացի ժողովուրդը լուրջ վտանգներու ու մարտահրաւէրներու դիմաց է, մենք չենք կրնար մոռնալ անցեալը եւ հեռանալ Սուրիայէն։ Ճիշդ է, որոշ թիւով հայեր ժամանակաւորապէս հեռացան եւ աւելի ապահով վայրեր հաստատուեցան, սակայն վստահ ենք որ անոնք շուտով պիտի վերադառնան անմիջապէս որ ապահովութիւնը վերահաստատուի Սուրիայէն ներս”, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Վեհափառ անդրադարձաւ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայ համայնքին քաղաքական կեցուածքին սուրիական տագնապի լուծման գծով։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- “ա) Սուրիական տագնապը միայն քաղաքական լուծում կրնայ գտնել, ոչ զինուորական եւ ոչ ալ արտաքին միջամտութիւններով։ բ) Սուրիացի ժողովուրդը իր բոլոր բաղկացուցիչ մասերով՝ պետութիւն, ընկերութիւն, համայնքներ պէտք է մասնակից դառնայ Սուրիան դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող գործընթացին։ գ) Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը սուրիական ընկերութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է. անոր պահպանումը կը նկատենք կենսական։ դ) Քրիստոնեայ համայնքները իրենց պարտաւորութիւնները լիովին կատարած են Սուրիոյ նկատմամբ, որպէս անբաժան մասը սուրիական ընկերութեան. անոնք նաեւ տէր կը կանգնին իրենց իրաւունքներուն՝ անհատական թէ համայնքային”։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին։ Ան ըսաւ, որ “հայ ժողովուրդը տակաւին կը մնայ իրաւազրկուած. Սփիւռքը պարտադրուած իրականութիւն մըն է ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ։ Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան պահանջքն է”։
Միշտ պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Ժընեւ 2-ի նախօրեակին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ժողովին ու ընդհանուր գծերով պարզեց հոն արտայայտած իր տեսակէտները։ Հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ ընդհարապէս Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան ու վկայութեան: