28 Մարտի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջին օրերուն Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեան գծով շարունակեց իր աշխատանքները ու խորհրդակցութիւնները: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին իր կողմէ Լաթաքիա ղրկուած յաջորդական երկու պատուիրակութիւնները: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիար Ճորճ Շահ…ինեանի ինչպէս նաեւ Լիբանանի Քեսապցի ներկայացուցիչներուն հետ: Իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն ու հանդիպումներուն լոյսին տակ Վեհափառ Հայրապետը Քեսապի հայութեան օժանդակութիւնը կը նկատէ խիստ հրամայական ու անյետաձգելի: Առ այդ, Նորին Սրբութիւնը ժողովուրդին ուշադրութեան կ’ուզէ յանձնել հետեւեալ կէտերը.­-
 
1) Մեծապէս կը գնահատենք Քեսապի հայութեան զօրակցութեան արտայայտութիւնները՝ Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
 
2) Անհրաժեշտ է մեր հաւաքական զօրակցութիւնը վերածել գործնական աշխատանքի՝ օժանդակութեան անմիջական ձեռք երկարելով Քեսապի հայութեան:
 
3) Որպէսզի կատարուելիք աջակցութիւնը օժանդակութիւնը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու արագ, կարեւորութեամբ կը թելադրենք, որ բոլոր օժանդակութիւնը կատարուին Կաթողիկոսարանին ճամբով՝ յատկացուելու համար Քեսապի հայութեան անմիջական կարիքներուն ու վերականգնումին:
 
Կ’ուզենք յիշեցնել որ դրամատնային փոխանցումները հարկ է կատարել հետեւեալ հաշիւին.­-
 
Bank: FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon
Name of Account: CATHOLICOSSAT ARMEIEN DE CILICIE
IBAN: LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501
SWIFT Code: FSAB LB BX
 
                                                                                                            ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

More News