“ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՈՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՊԻՏԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ ՏԱԳՆԱՊ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Չորեքշաբթի 26 Մարտ 2014–ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի Տեսչութիւնը եւ Դպրեվանքի ուսանողութիւնը: Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի…