ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Երեքշաբթի 24 Փետրուար 2014-ի առաւօտուն Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Քանատայի դեսպանուհի Հիլարի Չայլտզ-Ատամս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի տնտեսական կցորդ Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեանի: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով դեսպանին ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը, անդրադարձաւ Քանատայի հայութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի հայութեան, շեշտելով մանաւանդ լիբանանահայութեան քաղաքական դերակատարութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Սուրիոյ հարցին ու յատկապէս…