Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՃԱՇԻ ՀՒՒՐԸ ԵՂԱՒ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ
Պահրէյնի միջազգային համագումարի բացման առաջին օրը, պետութեան կողմէ յատուկ հրաւիրեալներ, շուրջ տասնըհինգ անձնաւորութիւններ, ճաշի հիւրը եղան Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ-Խալիֆային։ Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Սեպուհ Սրբազանին, ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ ճաշկերոյթին։ Պահրէյն ժամանման առաջին գիշերը, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի փոքրաթիւ հայ համայնքին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Սէուտական Արաբիայէն ժամանած հայորդիներ։ Ի…