Հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ՝ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեանի, Շաբաթ, 1 Մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն Հանդիսասրահ»ին մէջ պաշտօնական կալա-ընթրիքով նշուեցաւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին հիմնադրութեան 40-ամեակը։ Ներկայ էին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ և բարերարներ։
Երեկոյին բացման խօսքը կատարեց երգչախումբի նախկին խմբավար՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ խօսեցաւ «Շնորհալի»ի 40-ամեայ հոգեւոր ու մշակութային ծառայութեան մասին։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Երգչախումբին 40 տարիներէն իւրաքանչիւրը հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս ոչ միայն ծաղկուն, այլ հայ հոգիին սնունդ մատակարարող պտղաբեր ծառ մը դարձաւ։
Սարգիս Կիրակոսեան խօսեցաւ «Շնորհալի» երգչախումբին 40-ամեայ գործունէութեան մասին։ Ան ըսաւ. «Շնորհալի» երգչախումբը հանդիսացաւ այն հոգեւոր ու մշակութային միութիւնը, որ իր 40 տարիներու ընթացքին բազմահարիւր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ կապեց հայ երաժշտութեան»։ Կիրակոսեան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Անցնող 40 տարիներու ընթացքին «Շնորհալի»ի խմբավարները հայ մշակոյթի առաքեալներ դարձան ու տարածիչը՝ հայ հոգեւոր, դասական ու ժողովրդական երաժշտութեան»։
Տաթեւիկ Արթինեան դաշնակի վրայ նուագեց հայ եւ օտար երաժիշտներու յօրինումներէն։ Լիբանանահայ հանրածանօթ երաժիշտ Կի Մանուկեան, իր ստեղծագործութիւններու ներկայացումով տարբեր փայլք տուաւ երեկոյին։
Փակման խօսքը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ան բարձր գնահատեց «Շնորհալի» երգչախումին 40-ամեայ առաքելութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու մշակութային անդաստաններէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ս. Ներսէս Շնորհալիի անունով կնքուած «Շնորհալի» երգչախումբը իր լուման ձգած է ու պիտի շարունակէ ձգել հայ մշակոյթի գանձանակին մէջ։ Երգչախումբի անդամները կամաւոր զինուորներ են որոնք կը պաշտպանեն ու կը տարածեն հայ երաժշտութիւնը Կաթողիկոսարանին ճամբով»։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յաջողութիւն մաղթեց «Շնորհալի» երգչախումբին, որպէսզի ան նոր բարձունքներ նուաճէ ի պանծացումն հայ մշակոյթին։