ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ

Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի պատրաստած նոր ծրագիրը՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար։ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայակերտումի, հայ մշակութային արժէքներու պահպանման ու հարստացման ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան տրուած կարեւորութեան՝ նոր ծրագրի ծիրէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը…