ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵԼՈՎ՝ ՛՛ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ ԻՐ ԶԱՒԱԿԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՆ Է՝՝ ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի 13 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան Տեառնընդառաջի տօնին, հաւատացեալներու եւ յատկապէս ծնողներու ու մանուկներու հսկայ բազմութեամբ լեցուն էր Անթիլիասի Մայրավանքը: Ծնողներ եկած էին իրենց զաւակներուն հետ, մասնակից դառնալու Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի խորհուրդին:   Շրջապատուած Միաբան Հայրերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Մայր Տաճարին մէջ նախատօնակի հոգեպարար արարողութեան ու ապա իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն:…