Այս տարի եւս, Աւագ Շաբթուան տօնին առիթով Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ միաբան հայրեր առաքուեցան թեմեր մասնակից դառնալու Աւագ Շաբթուան ու Զատկուան հոգեպարար արարողութիւններուն, եւ իրենց քարոզներով հոգեւոր խանդավառութիւն ստեղծելու մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Աւագ Շաբթուան բոլոր արարողութիւններուն Լիբանանի թեմի եկեղեցիներէն ներս պիտի մասնակցին միաբան հայրերը։ Նաեւ՝ Լաթաքիա առաքուեցաւ Հոգշ. Տ. Արտակ Աբղ. Արապեան, Կիպրոս՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան, Թեհրան՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեան, Մոնթրէալ՝ Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան եւ Երուսաղէմ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։