Երեքշաբթի յետմիջoրէին միջ-եկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Քաթոլիկ Ասորիներու Պատրիարք Եուհան, Պէյրութի մարոնիներու Մաթար Արքեպիսկոպոս, լեռնալիբանանի Ուղղափառ Ասորի մեթրոպոլիտ ԺորԺ Սալիպա, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Լիբանանի գործադիր վարչութեան անդամներ եւ միջ-եկեղեցական շարժումի նիւթապէս նպաստող Հոլանտական ու Շուէտական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
Յիշեալ հանդիպումէն առաջ Հոլանտայի եւ Շուէտի եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին հետ միասին առանձին հանդիպում մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ: Խորհրդակցութեան առանցքը կազմեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն կատարուած աջակցութիւնը աւելի կազմակերպելու հրամայականը:
Ընդլայնուած ժողովին լայնօրէն քննարկուեցան Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին գործունէութեան տնտեսական ու վարչական մարզերուն առնչուած շարք մը հարցեր: Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ ընդգծեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ներկայ կառոյցը վերատեսութեան ենթարկելու ու Խորհուրդի աշխատանքներուն նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը՝ նկատի ունենալով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներուն դիմագրաուած մարտահրաւէրները: