Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՖՐԱՄ ՔԱՐԻՄԸ

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Աթշանայի վանքը եւ շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Ն.Ա. Աֆրամ Քարիմը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ նորընտիր Պատրիարքը, որոնք մօտէն ծանօթ էին իրարու, անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու դարաւոր սերտ յարաբերութեան եւ շեշտեցին առաւել գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը երկու եկեղեցիներուն միջեւ, յատկապէս Միջին Արեւելքի շրջագծէն ներս։

 

Այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան, Թեհրանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Դրան Եպիսկոպոս Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։