ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, հինգերորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական եւ Հայագիտական Հարցերու Գրասենեակի կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցումները հասան իրենց աւարտին` Շաբաթ, 17 Մայիս 2014-ի կէսօրէ ետք տեղի ունեցած մենակատարութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումով:

 

Շաբաթ, 8 Մարտ 2014-ին մենակատարութեան Ա. հանգրուանի մրցումով սկսած «Խաչիկ Պապիկեան» մրցաշարքերու առաջին հանդիպումին նախ յաջորդեցին հայ լեզուի եւ գրականութեան, ապա` Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու գրաւոր մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 միջնակարգ եւ 11 երկրորդական լիբանանահայ վարժարաններ` զիրենք ներկայացնող 99 աշակերտ-աշակերտուհիներով (60 միջնակարգ եւ 39 երկրորդական): 5 շաբաթավերջերու վրայ երկարած վերոնշեալ հանդիպումներուն, այս տարի ալ մրցակցութիւնը եղաւ սուր, որովհետեւ մրցումներուն մասնակից դպրոցները պատրաստուած էին յաւելեալ լրջութեամբ` առաւելագոյն թիւով յաջողութիւն արձանագրելու տեսլականէն առաջնորդուած:

 

Երկրորդականի ուսանողութեան հայ լեզուի եւ գրականութեան գրաւոր մրցումը այս տարի ալ տեղի ունեցաւ երկու հանգրուանով: Առաջին հանդիպումին մասնակիցները պատասխանեցին լեզուական, գրականագիտական, վերլուծական եւ շարադրական բազմաճիւղ հարցարանին, իսկ երկրորդ փուլին, ճշդուած միջինէն աւելի բարձր նիշ ապահոված աշակերտ-աշակերտուհիները փորձեցին լաւագոյնս արտայայտել իրենց շարադրական եւ գրողական շնորհները: Նոյնպէս, երկու հանգրուանով տեղի ունեցաւ այս տարի առաջին անգամ նկատի առնուած մենակատարութեան մրցանքը, որուն, ինչպէս նաեւ գրաւոր մրցումներուն ստեղծած խանդավառութիւնն ու լուրջ պատրաստութիւնը եկան ապացուցելու, որ հակառակ նոր ժամանակներու արհեստագիտական հրապուրիչ նորութիւններուն եւ զանազան մարտահրաւէրներուն, լիբանանահայ աշակերտը կառչած կը մնայ իր լեզուին, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակութային գանձերուն: