1 March, 2014

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ

Յունուար եւ Փետրուար 2014-ին, Լիբանանի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական Բաժանմունքին կողմէ Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան հետեւեալ ժողովներուն մասնակցեցաւ.

Առաջին, Չորեքշաբթի, 22 Յունուարին, Չորեքշաբթի 5 Փետրուարին եւ  Չորեքշաբթի 19 Փետրուարին, գումարուեցան «Քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ» յանձնախումբին երեք հանդիպումները, որոնց ընթացքին ներկայացուեցաւ տարեկան նիւթական զեկոյցը եւ կատարուեցաւ հաշուեփակը, նշանակուեցան յանձնախումբին գործադիր քարտուղարն ու նոր անդամները եւ քննարկուեցաւ 2 Մայիս 2014-ի տարեկան ձեռնարկին կազմակերպումը։

Երկրորդ, Ուրբաթ 24 Յունուարին, գումարուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան վարչութեան ժողովը, որ ընդգրկեց տարեկան նիւթական զեկոյցն ու 2013-ի հաշուեփակը, 2014-ի պիւտճէի վաւերացումը եւ նոր ծրագիրներու քննարկումը: