Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց մատուռը հիմնական բարենորոգութեան ընթացքի մէջ է, բարերարութեամբ Զուիցերիայէն Տէր եւ Տիկին Զարեհ Պէզիքեանի։
Նորոգութեան առիթով Տէր Զօրէն բերուած նահատակաց աճիւնները ի պահ դրուած էին։ Երէկ առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին հսկողութեամբ աճիւնները նոր դասաւորումով դարձեալ զետեղուեցան Նահատակաց մատրան մէջ։
Մատրան նորոգութիւնները պիտի աւարտին մի քանի ամիսէն, ապա տեղի պիտի ունենայ անոր օծումը՝ Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ: