Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՄԱԿ­ԻՆ ԱՊԱԶԻՆԵԼ ՔԵՍԱՊԻ ՇՐՋԱՆԸ

Հինգշաբթի 27 Մարտ 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հեռաձայնեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր` քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը: 
 
Ան Վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապէն ներս ստեղծուած ապահովական կացութեամբ, աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ տագնապին գծով, ՄԱԿ-ի եւ արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտա0ր Իպրահիմիի հետ ինչպէս նաեւ տեսակցած է ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ:
 
Վեհափառ Հայրապետը պարզելէ  ետք Ֆելթմանին Քեսապէն ներս տիրող կացութիւնը, այդ գծով շեշտեց թրքական գործօնին կարեւորութիւնը: Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց, որ  ՄԱԿի կողմէ քննուին Քեսապի շրջանը ապազինելու կարելիութիւնները: Ֆելթմանը շինիչ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկը եւ խոստացաւ այս ուղղութեամբ Լախտար Իպրահիմիի հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները ունենալ: