ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Կիներու միջազգային օրը,  8 Մարտը, յիշեցում մըն է կանանց ունեցած դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս աւելի շեշտելու: Հայ ժողովուրդը հին դարերէն սկսեալ յատուկ յարգանք ու վերաբերում ունեցած է հայ կնոջ նկատմամբ: Ամէն բանէ առաջ հայ կինը մեզի համար եղած է հայ մայր, այլ խօսքով՝ընտանիքի դաստիարակը, մեր հոգեմտաւոր  արժէքներու պահապանը, մեր ազգային ձգտումներուն ռահվիրան: Այսօր հայ մայրը վերանորոգ նուիրումով պէտք է շարունակէ պահել  հայ ընտանիքին  սրբութիւնը: Միաժամանակ, մենք պարտաւոր ենք հայ կնոջ դերը աւելի շեշտելու մեր ազգային հաւաքական կեանքէն ներս:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
8  Մարտ 2014