Այս առաւօտ, երկու Վեհափառ Հայրապետները` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանի հետ մասնակից դարձան Սարդարապատի Մայիս 28-¬ի տօնակատարութեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտման իրենց արիւնը թափած հայորդիներու յիշատակին եւ ապա հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին:
Արարողութենէն ետք տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին երկու Վեհափառ Հայրապետները իրենց պատգամը ուղղեցին: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հանրապետութեան Նախագահին խօսքով:
Կէսօրէ ետք, Սուրբ Էջմիածնի մէջ երկու Վեհափառ Հայրապետներու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք, ուր Վեհափառ Հայրապետները իրենց խօսքը ուղղեցին ներկայ ժողովուրդին՝ կոչ ուղղելով անոնց մասնակից դառնալու Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման նուիրական աշխատանքին:
Նոյն գիշեր, երկու Վեհափառ Հայրապետները Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Յովիկ Աբրահամեանին ճաշի հիւրը դարձան: