Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԶԲԱՂՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ 14 Փետրուար 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հինգ հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Զուիցերիոյ, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Շուէտի մէջ հաստատուած միջազգային ոչ–կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Անցնող ամիսներու ընթացքին յիշեալ կազմակերպութիւններուն աշխատանքին թիրախը դարձած էր ընդհանրապէս Սուրիոյ հարցը ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ապագան: Այս ուղղութեամբ, անոնք հանդիպումներ ունեցած էին Եւրոպայի պետական պատասխանատուներուն հետ:…