1 June, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐԱՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Կիրակի յետմիջօրէին Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտողար` Դոկտ. Օլաֆը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին առընչուած հարցեր:

Իր ունեցած երկար տարիներու էքիւմէնիք փորձառութեան լոյսին տակ, որպէս երկու շրջաններու ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր քարտողարին փոխանցեց իր կարգ մը վերլուծումները, արժեւորումները ու մտահոգութիւնները միջ¬-եկեղեցական շարժումին ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր շուրջ:

More News