ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Անցնող օրերուն Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած միջազգային միջ-կրoնական համագումարը իր աշխատանքներու աւարտին կատարեց յայտարարութիւն մը: Յիշեալ յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ.- — Միջ-կրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: — Մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը քաջալերելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կոչին զօրակցութիւնը: — Մարդկային ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող զանազանութեանց պահպանումը ու միաժամանակ հասարակաց տուեալներու ու ազդակներու շեշտաւորումը: — Կրօնը…