ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ՔԵՍԱՊԷՆ ՆԵՐՍ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

— ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ  
 
Այսօր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը ունեցաւ իր արտակարգ նիստը, որուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն զեկուցեց  Քեսապէն ներս տիրող կացութեան, այդ ուղղութեամբ իր տարած աշխատանքներուն եւ Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած Քեսապահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Որոշուեցաւ ամէն գնով օգնութեան փութալ Քեսապի Հայութեան:
 
Ժողովէն վերջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Քեսապի հայութեան օժանդակութիւնը այսօր մեզի համար առաջնահերթութիւն է: Աշխարհի մէջ ուր որ հայ ժողովուրդի զաւակները դժուարութեան դիմաց գտնուին այդ դժուարութիւնը յաղթահարելը ամբողջ հայութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ: Ուրախ ենք որ Հայաստանէն սկսեալ մեր գաղութներէն ներս, զանազան ձեւերով մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց մտահոգոթիւնը  եւ Քեսապի հայութեան օժանդակելու իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն: Ազգային միասնակամութեան սա շօշափելի արտայայտութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու վճռակամութեան:
 
Ապա Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «Ինչպէս Կիրակի օր մեր պատգամին մէջ շեշտեցինք, նոյն ցեղասպան թուրքն է Քեսապի քանդումին ու Քեսապահայութեան տեղահանութեան ետին գտնուողը: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը պէտք չէ լուռ մնայ: Ան պէտք է իր ձայնը բարձրացնէ  պետութիւններու ու միաջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնելով Քեսապի հայութեան ճամբով ամբողջ հայութեան ուղղուած ցեղասպանին այս նոր ոճրային արարքը»:
 
— ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ  ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ  
 
Այս առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը միաբան հայրերէ բաղկացած երկրորդ պատուիրակութիւն մը ղրկեց Լաթաքիա, որուն պարտականութիւնն է Կաթողիկսարանին  կողմէ նիւթական օժանդակութիւն փոխանցել շտապ օգնութեան մարմինին:
 
Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը մնայուն կապի մէջ է բոլոր պատասխանատուներուն հետ: