՛՛ Մի ՎԱԽՆԱՔ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՒ՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

՛՛Քրիստոսի թափուր գերեզմանին առջեւ կատարուած այս հաստատումը դարձաւ քրիստոնէական հաւատքին հիմքը ու քրիստոնէութեան գոյատեւման առանցքը՝ պատմութեան հալածանքներուն ու պատերազմներուն դիմաց: Փաստօրէն քրիստոնէութեան պատմութիւնը եղած է նահատակութեան պատմութիւն. հալածանք ու տառապանք միշտ շրջապատած են կեանքը քրիստոնէութեան: Սակայն, Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած քրիստոնէութիւնը յաղթահարած է կեանքի ամէն տեսակ չարիք: Մենք կը հաւատանք, որպէս քրիստոնեաներ որ յարութեան ճամբան խաչի ճամբան է: Ու խաչի ճամբէն քաջօրէն կը քալեն անոնք, որոնք կը հաւատան նուիրական նպատակի մը: Ինչպէս քրիստոս ինք քալեց խաչի ճամբէն, և ըսաւ՝ ո՛վ որ ինծի կը հաւատայ թող ետեւէս գայ: Քրոստոնեայի ճամբան խաչի ճամբան է. ու խաչի ճամբան՝ յաղթանակի ու կեանքի ճամբան է՛՛:

Այս բառերով սկսաւ իր պատգամը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Մայր Տաճարին մէջ, Զատկուան պատարագին: Իր խօսքը ուղղելով ներկայ բազմահազար հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայութեան ցրուած աշխարհի բոլոր կողմերը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ՝ ՛՛ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նահատակութեան պատմութիւն է եղած, որովհետեւ հաւատարիմ գտնուած ենք քրիստոնէական արժէքներուն ու սկզբունքներուն: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նահատակութեան պատմութիւն եղած է, որովհետեւ մեկնելով աւետարանական ճշմարտութիւններէն, ամրօրէն կառչած մնացած ենք անկախութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան սրբազան սկզբունքներուն: Ա՛յս է մեր ճանապարհը այսօր եւս. ա՛յս պէտք է ըլլայ ճանապարհը ինքզինք Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդ նկատող ազգի մը՝՝:

Ակնարկելով Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, ու յատկապէս քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց թէ՝ ՛՛Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութիւնը միշտ ալ եղած է տառապալից: Սակայն, հակառակ այս դառն իրողութեան, քրիստոնէութիւնը հաւատարմօրէն շարունակած է իր վկայութիւնը: Ան իր գործօն մասնակցութիւնն է բերած շրջանի յառաջդիմութեան՝ կրօնական, մշակութային, կրթական, ընկերային ու այլ մարզերէն ներս: Այսօր եւս քրիստոնէութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց է: Այս տագնապալից կացութեան դիմաց, մենք պիտի չյուսալքուինք, պիտի չհեռանանք Միջին Արեւելքէն, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքին կը պատկանի: Հ՛ոս է իր ծննդավայրը, հո՛ս կը գտնուին իր արմատները, հո՛ս է նաեւ իր ապագան՝՝:

Արամ Ա. Կաթողիկոս ակնարկելով վերջին շրջանի Սուրիոյ անցուդարձերուն, ըսաւ՝ ՛՛ ընդունելի չէ որ Մաալուլան քրիստոնէական ներկայութեան խորհրդանիշը, պարպուի քրիստոնէական ներկայութենէն: Ընդունելի չէ, որ Քէսապը ցեղասպան թուրքին մեղսակցութեամբ պարպուի իր հայ բնակչութենէն: Իրաւունք չունին մարդիկ գաղթական դարձնելու իրենց հողերուն վրայ թէ իսլամները ու թէ քրիստոնեաները: Դարեր շարունակ քրիստոնեայ ու իսլամ միասին ապրած են, միասին ծաղկեցուցած են Միջին Արեւելքը ու անոնք առաւել նուիրումով պիտի շարունակեն իրենց գոյակցութիւնը ու նաեւ մասնակցութիւնը իրենց երկիրներու յառաջդիմութեան՝՝:

Իր պատգամին վերջաւորութեան, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի մասին: ՛՛Լիբանանը կ’անցնի դժուար հանգրուանէ մը: Կը գտնուինք նախագահական ընտրութեան դիմաց: Մեր սպասումն է, որ ճշդուած ժամանակամիջոցին Լիբանանը ընտրէ յարմարագոյն նախագահ մը, որ կարենայ պատասխանատուութեամբ ու քաջութեամբ ստանձնել ղեկը լիբանանեան նաւուն Միջին Արեւելքի փոթորկոտ ծովուն մէջ: Քաղաքական տարակարծութիւնները արգելք պէտք չէ հանդիսանան որ մենք կարենանք աւելի ամրապնդել Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը: Արդարեւ, որ մեր միասնականութեան մէջ է մեր զօրութիւնը ու երաշխիքը Լիբանանի առաւել ծաղկումին՝՝:

Պատարագին ներկայ գտնուեցան հայ նախարարներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ և հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: