9 Ապրիլի, 2014

ՈՒՂԵԳԻԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ

 

       Ներկայ գրութիւնը հայրապետական պատգամն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ուղղուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու Առաջնորդներուն եւ 100-ամեակի յանձնախումբերու ատենապետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համագումարին, Չորեքշաբթի 9 Ապրիլ 2014ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

 

 

       Հայ Դատը իւրաքանչիւր հայուն եւ ամբո՛ղջ հայութեան դատն է։ Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ կոչուած ենք մասնակից ու զօրակից դառնալու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման աշխատանքներուն։

 

      Կը գտնուինք հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ աշխարհացրիւ մեր գաղութներուն մէջ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային ու համագաղութային նշման գծով աշխատանքներ կը կատարուին ու ծրագիրներ կը մշակուին։ Ցեղասպանը իր կարգին այս ուղղութեամբ իր հակազդեցուցիւնը ծրագրելու տենդագին աշխատանքին լծուած է։

 

      2015 թուականը հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ սովորական թուական մը պէտք չէ դառնայ։ Ան պէտք է արժեւորուի այնպիսի նախաձեռնութիւններով ու իրագործումներով, որոնք ո՛չ միայն մնայուն հետք կը թողուն մեր հաւաքական կեանքէն ներս, այլ նաեւ նոր մղում կու տան հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։

 

    100-ամեակի ծրագրումները պէտք է որպէս մեկնակէտ ու նպատակակէտ ունենան հետեւեալ նշանաբանը՝ ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ու ՊԱՀԱՆՋԵԼ։ Այս նշանաբանով արտայայտուող երեք նպատակները իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են ու զիրար կ’ամբողջացնեն։ Այս հեռանկարով պէտք է պատրաստուին 100-ամեակի ծրագիրները։

 

      Որպէս ուղեցոյց 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն, կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել հետեւեալ կէտերը.-

 

1) Միասնականութիւնը պէտք է մղիչ ուժը դառնայ մեր մտածումներուն, նախաձեռնութիւններուն ու ծրագիրներուն՝ համազգային թէ գաղութային մակարդակներու վրայ։ Մեր կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող ամէն տեսակ տարբերութիւն, հակասութիւն կամ զգայնութիւն պէտք է անհետանան այս յոյժ կարեւոր դէպքին դիմաց։ Հայ ժողովուրդը աշխարհին պէտք է ներկայանայ մէ՛կ ձայնով, մէ՛կ կեցուածքով, մէ՛կ պահանջատիրութեամբ։ Հո՛ս է մեր հզօրութեան աղբիւրը:

 

2) Համահայկական մաշտապով հարկ է նշուի 100-ամեակը։ Ա՛յս տեսլականով ու յանձնառութեամբ անհրաժեշտ է մշակել բոլոր ծրագիրները։ Բնականաբար Հայաստանը եւ իւրաքանչիւր գաղութ ծրագիրներ պիտի մշակէ իր ներքին դրուածքին ու շրջապատի պայմաններուն համաձայն։ Սակայն, անհրաժեշտ է այնպիսի միջոցներու դիմել, որ կարելի ըլլայ այս կարեւոր դէպքին համահայկական նկարագիրն ու տարողութիւնը լուսարձակի տակ բերել՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ գաղութներուն միջեւ ընդհանրական երեւոյթները շեշտելով։

 

3) Միասնական ոգին ու համահայկական մօտեցումը 100-ամեակի ծրագիրներուն մեկնակէտը դարձնելով հանդերձ, հասկնալի պատճառներով շեշտաւորումի տարբերութիւններ անհրաժեշտ է որ ըլլան Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ։ Սակայն այս տարբերութիւնները պէտք է այնպիսի ձեւով ներդաշնակուին ու համադրուին, որ զիրար չհակասեն ու երկուութիւն չյառաջացնեն, այլ՝ զիրար լրացնեն ու հզօրացնեն մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս։

 

4) 100-ամեակը պէտք է նշուի մեր ժողովուրդի ամբողջական ու գործօն մասնակցութեամբ։ Անհրաժեշտ է դուրս գալ սրահներէ եւ առաւելագոյն չափով հեռու մնալ ժամանակավրէպ դարձած հանդիսութիւններէ, համագումարներէ, ցուցահանդէսներէ, դասախօսութիւններէ, եւլն.։ Մեր ժողովուրդը իր հաւաքական ընդվզումն ու կամքը պէտք է արտայայտէ այնպիսի ազդու եւ զուսպ միջոցներով, որոնք կրնան միջազգային համայնքի ուշադրութիւնը գրաւել ու հայ ժողովուրդի դատին նկատմամբ համակրանք ստեղծել։ Ապրիլ 24-ի օրը իտէալ առիթը կրնայ ըլլալ նման համաժողովրդային արտայայտութեան։

 

5) 100-ամեակի կիզակէտը պէտք է դառնայ պահանջատիրութիւնը։ Բնականաբար ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է շարունակուի վերանորոգ վճռակամութեամբ։ Սակայն, ժամանակն է որ մեր դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ շեշտը դրուի հատուցման վրայ։ Երկու տարիներ առաջ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մեր կազմակերպած միջազգային համագումարը՝ Ճանաչումէ՝ հատուցում” դարձակէտ մըն էր այս իմաստով։

 

6) Մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը այլեւս մասնակի աշխատանքներով, զգացական մօտեցումներով ու պարագայական պոռթկումներով պէտք չէ արտայայտուի. ան պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային օրէնքի վրայ։ Եթէ կ’ուզենք որ մեր պահանջատիրական պայքարին առջեւ նոր հորիզոններ բացուին, եթէ կ’ուզենք տիրական կերպով մուտք գործել միջազգային ակադեմական, իրաւական, դիւանագիտական ու քաղաքական շրջանակներէն ներս, եթէ կ’ուզենք որ միջազգային համայնքը լսէ մեր ձայնը, մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ համահունչ՝ թէ՛ միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն ու տուեալներուն եւ թէ ներկայ աշխարհի աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու շահերուն։

 

7) 100-ամեակի հասցէն ու թիրախը պէտք է դառնայ ցեղասպանը, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքը։ Այս շրջագծէն ներս հայոց ցեղասպանութեան հարցի հետեւողական ու ծրագրուած կերպով արծարծումը, օտար եկեղեցիներուն ու կրօններուն մօտ՝ մեր եկեղեցիներուն կողմէ, պետական ու դիւանագիտական շրջանակներուն մօտ՝ Հայաստանի պետութեան կողմէ, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն մօտ՝ կուսակցութիւներուն ու հայ դատի մարմիններուն կողմէ կը նկատենք խիստ հրամայական։

 

8) Մեր պահանջատիրական պայքարը հանգրուանային ու ուսումնասիրուած կերպով պէտք է փոխադրենք նաեւ Թուրքիա։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է քրտական շարժումներուն, թուրք մտաւորականներու որոշ շրջանակներուն ու իսլամացած հայերուն հետ բարեկամական կապեր հաստատել՝ վերջին տարիներուն այս ծիրէն ներս պատրաստուած ենթահողը աւելի ընդլայնելով ու ամրապնդելով։ Այս աշխատանքներու ընթացքին հարկ է ուշադիր ըլլալ որ Թուրքիոյ հայ համայնքին վնաս չպատճառեն թուրք ծայրայեղականները։

 

9) Ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր ժողովուրդի կորսնցուցած եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու,ինչպէս նաեւ անհատական կալուածներու ցանկագրման անհրաժեշտ է շուտով սկսիլ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը արդէն իսկ լայն չափով կատարած է իր եկեղեցապատկան կալուածներու ցանկագրումը։ Այս աշխատանքը պէտք է կատարուի համահայկական մաշտապով եւ մասնագիտական մօտեցումով։

 

10) 100-ամեակին ծրագիրները պէտք չէ պատրաստուին միայն հայութեան համար եւ իրագործուին սոսկ հայկական նեղ շրջագծէն ներս։ Պէտք է բացուինք աշխարհին. մեր բողոքն ու պահանջքը պէտք է զօրեղ կերպով լսելի դարձնենք մեր շրջապատին ու միջազգային համայնքին։ Այս ընելու համար անհրաժեշտ է լայնօրէն ու ճիշդ կերպով օգտագործել ներկայ աշխարհի տեղեկատուական  ու հաղորդակցական ամենէն ազդու միջոցները։

 

11) Հեռու պէտք է մնալ 100-ամեակը Հայ Դատի աշխատանքներուն գագաթնակէտը նկատելու մօտեցումներէ։ 100-ամեակը վճռական հանգրուան մըն է միայն՝ իր արդար իրաւունքներու վերատիրացման հայ ժողովուրդի աննահանջ պայքարին մէջ։ Ան միաժամանակ սկիզբը պէտք է դառնայ հայ դատի հետապնդման մարտավարական ու ռազմավարական նոր մտածելակերպերու ու գործելակերպերու, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէր մը՝ նայելու 2015-էն անդին…։ Այս հեռանկարով անհրաժեշտ է պատրաստուիլ 100-ամեակին։

 

12) Վերոնշեալ հսկայ ու բազմերես աշխատանքները կ’ենթադրեն նիւթական լայն կարելիութիւններ։ Հայաստանի պետութիւնը, որ միշտ կը մնայ իրաւատէրը հայ դատին, մեր կառոյցները ու ունեւոր ազգայինները կոչուած են նիւթական անհրաժեշտ միջոցները հայթայթել յիշեալ հսկայածաւալ ծրագիրներու իրագործման։

 

 

                                                            ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                                            ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

 

Անթիլիաս

9 Ապրիլ 2014

More News