ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՎՍՏԱՀԵՑՆԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՐ ԻՐ ԿԱՐԵԼԻՆ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ

ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՎՍՏԱՀԵՑՆԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՐ ԻՐ ԿԱՐԵԼԻՆ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ

 

— ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՈՒՇ ԳԻՇԵՐԻՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

— ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ’ՈՒՂՂՈՒԻ ԼԱԹԱՔԻԱ

— ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

 

Ուրբաթ առաւօտ զինեալ ուժերու թրքական սահմանէն Քեսապ ներթափացումի առաջին իսկ ժամերէն սկսեալ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս մօտէն հետեւեցաւ ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս Քեսապի մեր ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կերպով կապեր հաստատեց Հալէպի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի ու Լիբանանի մեր հոգեւոր, համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ անոնց հետ։

 

Երբ շաբաթ յետմիջօրէին Թուրքիայէն աւելի կազմակերպուած կերպով եւ մի քանի ճակատներու վրայ ներթափանցումներ կատարուեցան՝ սաստիկ ռմբակոծումներու թիրախ դարձնելով Քեսապը, Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս կապ հաստատեց Սուրիոյ նախագահական պալատին հետ եւ պահանջեց որ անմիջապէս բանակային նոր ջոկատներ ղրկուին Քեսապ պաշտպանելու համար շրջանի հայութիւնը։

 

Շաբաթ գիշեր ուշ ժամուն Վեհափառ հօր այցելեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը։ Հանդիպման ներկայ եղան Երեսփոխանական Պլոք-ի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական Կոմիտէ-ի հերթապահ՝ Յակոբ Խաչերեան։ Սուրիոյ դեսպանը յայտնեց որ Սուրիոյ նախագահին կողմէ իրեն պարտականութիւն տրուած է անմիջապէս այցելելու Վեհափառ Հայրապետին իրեն վստահեցնելու, թէ Սուրիոյ պետութիւնն ու բանակը իրենց կարելին պիտի ընեն վերահաստատելու շրջանի խաղաղութիւնը։

 

Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին դեսպանը յայտնեց որ յստակ տուեալներու համաձայն Թուրքիան ո՛չ միայն քաջալերած է զինեալներու մուտքը Քեսապ՝ այլ նաեւ անոնց տրամադրած է ծանր զէնքեր եւ դիւրացուցած անոնց յառաջխաղացքը։ Ան յայտնեց որ Սուրիական բանակը թէեւ զոհեր տուած է, սակայն կրցած է լայն չափով ետ մղել զինեալ ուժերու թափանցումները։ Շարունակելով իր խօսքը դեսպանը ըսաւ որ նախագահը եւ Սուրիոյ պետութիւնը խոր յարգանաք ունին հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ սուրիահպատակ հայերը կը նկատեն հաւատարիմ քաղաքացիներ Սուրիական հայրենիքին, հետեւաբար անոնց պաշտպանութիւնը պետութեան աւագ պարտաւորութիւնն է։ Միաժամանակ ան յիշեցուց որ Քեսապը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի Սուրիոյ բանակին համար։ Դեսպանը նաեւ յայտնեց որ բանակը ժամանակաւորապէս հայութիւնը փոխադրած է Լաթաքիա ապահովութեան համար: Ան նաեւ տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը որ Լաթաքիոյ նահանգապետ այցելած է եկեղեցւոյ ու դպրոցի սրահներուն մէջ հաստատուած Քեսապի հայութեան ու խոստացած ամէն տեսակ օգնութիւն ընծայել:

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Սուրիոյ նախագահին նախանձախնդրութիւնն ու յանձնառութիւնը ըսաւ, թէ ինք մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ անցուդարձերուն, եւ ո՛չ միայն Սուրիոյ հայերով այլ ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդի ու Սուրիոյ բոլոր շրջաններու ապահովութեամբ մտահոգ է։ Խօսելով Քեսապի մասին Վեհափառը ըսաւ որ Քեսապը խորհրդանշական իմաստ մը ունի մեր ամբողջ ժողովուրդին համար։ Վեհափառը յիշեցուց որ նոյն ցեղասպան Թուրքիան է որ առիթը կ’օգտագործէ հարուածելու հայ ժողովուրդը։

 

Կիրակի առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ղրկեց Լաթաքիա։ Պատուիրակութեան նպատակն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցել Վեհափառ Հայրեպետին աղօթքներն ու զօրակցութիւնը, տեղեակ դառնալ ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս ուսումնասիրել ժողովուրդին կարիքները, որպէսզի Կաթողիկոսարանին կողմէ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարուին։

 

Կիրակի առաւօտ Մայր Տաճարին մէջ Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը ուղղեց մեր ժողովուրդին։ Ան ընդհանուր գծերով բացատրեց Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութիւնը ու յիշեցուց որ նոյն ցեղասհան թուրքը 100 տարիներ յետոյ դարձեալ գաղթական կը դարձնէ մեր ժողովուրդի զաւակները: Ապա Վեհափառը շեշտեց ու աղօթքի ու զօրակցութեան ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մնայ Քեսապի ու ամբողջ Սուրիոյ հայութեան կողքին:

 

Կիրակի կէսօրին Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ճամբով Վեհափառ Հայրապետին յայտնեց որ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը, Քեսապի շրջանէն ներս շուտով ապահովութիւնը վերահաստատելու, միաժամանակ յայտնելով որ ինք պատրաստ է որեւէ մէկ ժամանակ հանդիպում ունենալու Վեհափառ Հայրապետին հետ: