Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Անցնող օրերուն Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած միջազգային միջ-կրoնական համագումարը իր աշխատանքներու աւարտին կատարեց յայտարարութիւն մը:
Յիշեալ յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ.-
- Միջ-կրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
- Մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը քաջալերելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կոչին զօրակցութիւնը:
- Մարդկային ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող զանազանութեանց պահպանումը ու միաժամանակ հասարակաց տուեալներու ու ազդակներու շեշտաւորումը:
- Կրօնը քաղաքական շահարկումներէ հեռու պահելու հրամայականը:
- Ահաբեկչութեան ու բոլոր տեսակի բռնութեանց դատապարտումը:
- Մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը եւ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան հաստատումը:
- Միջ-կրօնական երկխօսութեան գործընթացի շարունակումը: