Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԸ
Չորեքշաբթի 30 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր մարմնի անդամները։ Յիշեալ մարմինը, որուն կը մասնակցին Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ այլ զանազան շրջաններէ, Լիբանան կը գտնուի, Պէյրութի մէջ ունենալու իր տարեկան հանդիպումը։ Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ…