ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

1957 թուականին հիմնուած Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը կազմուած է Ասիոյ Երկիրներու եկեղեցիներէն եւ քրիստոնէական կազմակերպութիւններէն:

 

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ԱԵԽ) Ընդհանուր Վարչութիւնը ԱԵԽ-ի գործադիր վերին մարմինն է, անդամները ընտրուած են ԱԵԽ-ի Ընդհանուր Համաժողովին և կը վարեն խորհուրդի հիմնական աշխատանքները:

 

Իրանի Հայոց Եկեղեցին, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 2010-ի անդամակցեցաւ ԱԵԽ-ին իբրեւ լիիրաւ անդամ, և ունի իր ներկայացուցիչները խորհուրդի յանձնախումբերուն մէջ: Ա.Ե.Խ.-ի, ընդհանուր Վարչութիւնը իր հերթական ժողովը գումարեց Ջիանկ Մայի- Թայլանտ քաղաքին մէջ 24-28 փետրուար 2014-ին: Ժողովին մասնակցեցաւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգսեան, եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ ժողովական աշխատանքներուն:

 

Առաջին օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարեց Սեպուհ Սրբազան: Ան նախ ողջունեց բոլոր ժողովականները, յայտնեց որ այս օրերուն Հայոց Եկեղեցին կը ոգեկոչէ յիշատակը Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց զօրավարաց, որոնք նահատակուեցան յանուն քրիստոնէութեան եւ իրենց հայրենիքին: Ապա Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց Քրիստոսի խօսքը՝ «Ես եմ աշխարհի լոյսը, ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարին մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»: Իր խօսքի ընթացքին Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայորդիներ:

 

Երեք օրերու վրայ տարածուած աշխատանքի ընթացքին ժողովականները լսեցին խորհուրդին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հենրիէթ Հոդապարադ Լեպտկի եւ խորհուրդի բաժանմունքներուն նիւթաբարոյական տեղեկագիրները, քննարկեցին խորհուրդի կանոնագրութեան նոր բնագիրը: Որոշուեցաւ, որ յառաջիկայ Ընդհանուր Համաժողովը տեղի ունենայ Ինտոնեզիոյ մէջ, 2015-ին, նիւթ ունենալով Աստուծոյ Ընտանիքը:

 

Ժողովի երրորդ օրը Սեպուհ Սրբազան առաջարկեց, որ ԱԵԽ-ը 2015-ի յատուկ կերպով անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան: Ժողովականները համակրանքով ընդունեցին առաջարկը եւ պարտականութիւն տուին ընդհանուր քարտուղարութեան որ յատուկ նամակով թելադրէ խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն, որ 2015-ի Ապրիլին ոգեկոչեն յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակներուն, որպէս զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին:

 

Ժողովական աշխատանքներուն աւարտին Սեպուհ Սրբազան Պանկքոքի մէջ հանդիպում ունեցաւ փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամներուն եւ Հայաստանի պատուոյ Հիւպատոս մեծարգոյ պրն. Արթօ Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու երիտասարդութեան հետ յիշեցնելով անոնց, որ մենք ազգովին կը պատրաստուինք նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, եւ հետեւաբար՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է իր շրջանակներուն մէջ պատգամախօս հանդիսանալ համազգային այս մեծ իրադարձութեան: