Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի, կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի «Հասկ» ամսագիրի եւ դպրեվանքի տեսչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 20 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» եւ «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր» զոյգ հատորներուն ներկայացումը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց հոգշ. Տ. Շնորհք աբղյ. Աշըգեան, որ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ հայ գիրքին ու գրականութեան կարեւոր դերակատարութիւնը։
Խօսք առաւ Յակոբ Պալեան, որ ներկայացուց Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան մարդը եւ մտաւորականը: Ան ըսաւ, թէ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի կատարած գործերը օրերու եւ տարիներու տքնաջան նուիրում կը պահանջեն, եւ այդ պէտք է յիշել եւ յիշեցնել նորերուն, որպէսզի դիրքերը դատարկ չմնան, օրինակը ըլլայ ներշնչող: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի մշակութային հիմնական գործը եղաւ հայ մամուլի հաւաքումը եւ ցանկագրումը, մատենագիտութիւնը` իբրեւ վկայութիւն այն մասին, որ յառաջադէմ ժողովուրդներուն պէս մենք թերթ կը հրատարակենք մեր հիացման առարկայ շատերէն առաջ:
Ապա Կարօ Յովհաննէսեան լայնօրէն անդրադարձաւ «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» եւ «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր» հատորներուն, որոնք իրենց մէջ կը համախմբեն վաստակաւոր բանասէր, մամուլի եւ գիրքի մատենագէտ, մանկավարժ եւ հրատարակիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գիրքի եւ մամուլի վերաբերող ուսումնասիրութիւններուն, յօդուածներուն եւ գրախօսականներուն ստուար մասը: Ան շեշտեց, թէ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան իր ամբողջ էութեամբ կը հաւատար մամուլի դերակատարութեան։ Անոր աշխատասիրութիւնները մնայուն արժէքներ պիտի մնան մեր մամուլի պատմութեան մէջ եւ ի զուր չէ, որ ոմանք կոչած են զինք «հայ մամուլի շրջուն դեսպան»։
Ձեռնարկին իր սրտի խօսքը արտասանեց Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի որդի Տարօն Տէր Խաչատուրեան, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` այս ծրագիրին նկատմամբ իր հոգածութեան, ձեռնարկին հովանաւորութեան եւ ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ «Հասկ» ամսագիրի եւ դպրեվանքի տեսչութեան, օրուան բանախօսներուն եւ յատկապէս Կարօ Յովհաննէսեանին, որուն անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ այս հատորները կը հրամցուին հանրութեան:
Նշենք, թէ ձեռնարկին ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Տաթեւիկ Արթինեան, Յասմիկ Գասպարեան, Շողիկ Թորոսեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի թոռնուհի Գալին Տէր Խաչատուրեան:
Աւարտին խօսք առաւ վեհափառ հայրապետը, որ անձնական յուշերու ճամբով վեր առաւ մշակոյթին, գիրին, գրականութեան եւ հայ դպրութեան նկատմամբ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին յամառօրէն կառչած ըլլալը: Վեհափառը բարձր գնահատեց Տէր Խաչատուրեան ընտանիքին երախտագիտութիւնը իրենց հօր թողած արժէքներուն հետամուտ ըլլալու եւ այդ ճամբով մեր հանրային կեանքին մէջ դերակատար ըլլալու առումով:
Ձեռնարկը վեջ գտաւ «Կիլիկիա» օրհներգի ունկնդրութեամբ` կատարողութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: