Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը եկած էր Անթիլիասի Մայրավանքը մասնակից դառնալու Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման արարողութեան։ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատուկ տեղ գրաւած է յիշեալ արարողութիւնը որ լեցուն է յուզումնախառն շարականներով, մեղեդիներով ու աղօթքներով։ Ընդհանրապէս քրիստոնէութիւնը ու յատկապէս մեր եկեղեցին յատուկ կարեւորութիւն տուած է այս արարողութեան, որովհետեւ Քրիստոսի խաչին ու գերեզմանին մէջ տեսած է Աստուծոյ Որդւոյն յաղթանակը չարին ու մեղքին դէմ։
Նախագահելէ ետք թաղման արարողութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին ըսելով՝ “խաչը քրիստոնէութեան համար ցաւի ու տառապանքի, չարչարանքի ու մահուան գործիք չէ, այլ սիրոյ ու փրկութեան, յաղթանակի ու կեանքի։ Մեր եկեղեցւոյ մաղթանքին բառերով ամէն օր կþաղօթենք առ Քրիստոս, ըսելո՝վ խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէր Յիսուս։ Քրիստոս խաչ բարձրանալով յաղթեց աշխարհին, նուաճեց մահը եւ մարդուն առջեւ բացաւ փրկութեան ճանապարհը”։
Վեհափառը ակնարկելով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ խաչի ներկայութեան, ըսաւ “մենք խաչապաշտ ժողովուրդ եղած ենք։ Սովորական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել այս հաստատումը։ Խաչը միայն մեր կուրծքերուն չենք կրած, միայն մեր տուները չենք զարդարած խաչով. խաչը մեր կեանքին մէջ դարձուցած ենք կենդանի ներկայութեան։ Խաչը մեզի համար դարձած է շարականին բառերով՝ վահան ամրութեան ընդդէմ թշնամւոյն։ Խաչը մեր ժողովուրդին համար դարձած է հայ՝ ապաւէն փրկութեան կեանքի չարիքներուն դիմաց։ Մեր կեանքը շաղախած ենք խաչի խորհուրդով ու զօրութեամբ”։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն՝ “հաւատքի խոր գիտակցութեամբ մօտենալ խաչին։ Հաւատալ խաչի զօրութեան, որովհետեւ խաչէն ճառագայթող սիրով մենք կրնանք յաղթահարել կեանքի ամէն տեսակ չարիք։ Խաչով զինուած մենք կրնանք քալել փրկութեան ճանապարհէն դէպի Քրիստոսի խոստացած յաւիտենական կեանքը”։
Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը բազմաթիւ հաւատացեալներ Անթիլիասի մայրավանք եկան խոնարհելու Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ իրենց քրիստոնէական կեանքը թրծելու Քրիստոսի խաչին զօրութեամբ։